5 Դեկտեմբեր Հինգշաբթի, Նատիա – Տիգրան Կիւլմէզկիլ աշխատանոցներու մէջ իրականացաւ «հայերէն առածներու բ. մրցում»ը:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներու միջեւ, որոնք դասի պահերուն իւրացնելու ջանալով առածներուն այլաբանական իմաստները, մեկնաբանութիւններ ընելով հասկնալու ջանացին առածներուն խրատականները:
Մրցումը ընթացաւ համացանցի «քահութ» անուն խաղի վրայ, որ կը բաղկանար երկու փուլերէ՝ խմբային եւ անհատական: Ե. եւ Զ. դասարաններէն վեցական աշակերտներ խառն կերպով բաժնուեցան երեք խումբի, ապա յաղթող խումբը երկրորդ փուլին մրցեցաւ անհատական ձեւով:
Անհատական փուլի մէջ առաջին հանդիսացաւ՝ Զ. դասարանէն Դալար Ըշըքպայ, երկրորդ հանդիսացաւ՝ Ալէն Նուրիճան եւ երրորդ հանդիսացաւ՝ Ներսէս Տէմիրճի:
Հարկ է նշենք, որ այս տարի հայերէն լեզուի անձնակազմի կողմէ իրականացաւ առածներու մրցումին երկրորդը, իսկ առաջինը կազմակերպուած էր անցեալ ուսումնական տարեշրջանին, որ կրնանք ըսել ,թէ այլեւս ստացաւ աւանդական բնոյթ եւ տարիէ տարի նոր առածներ ուսումնասիրելով պիտի շարունակուին նման մրցումներ:
Ermenice zümremiz tarafından geçtiğimiz yıl başlatılan Ermenice Atasözleri Yarışması’nın ikincisi, 5 Aralık Perşembe günü ortaokul bölümümüzün katılımıyla gerçekleştirildi. 5. ve 6. sınıf öğrencilerinin katıldığı yarışmanın birinci bölümünde 3 takım kıyasıya yarıştı. Ardından takım sıralamasında birinci olan takımın üyeleri, bu kez bireysel sıralama için yarıştılar.
Bireysel sıralamada; 6. sınıf öğrencisi Talar Işıkbay birinci, 5. Sınıf öğrencisi Alen Nurican ikinci ve yine 5. Sınıf öğrencisi Nerses Demirci ise üçüncü oldu.
Yarışmaya katılan tüm öğrencilerimizi tebrik eder, başarılarının devamını dileriz.