Խանդավառ վերամուտ
Վերամուտի առիթով այսօր բոլոր նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներով մէկտեղուեցանք վարժարանիս աշխատանոցներու բաժինը, ուր կատարեցինք հոյակապ ռիթմի աշխատութիւն մը։ Զանազան հարուածային նուագարաններու միջոցաւ ստեղծեցինք ջերմ, հաճելի եւ միասնութեան ոգիով լի մթնոլորտ մը։




