Content on this page requires a newer version of Adobe Flash Player.

Get Adobe Flash player

Կոմիտաս եւ կեանքը

Ամէն տարի երբ Հոկտեմբեր ամիսը գայ, գործի կը լծուինք մեծ յուզումով, կը յիշատակենք Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւն ու իրենց աշակերտները, կը ծրագրենք միջոցառումներ:

Ինչպէս Մերսոպ Մաշտոցի գիւտի շնորհիւ մեր մշակութային ժառանգութիւնը ու հոգեւոր արժէքները պահպանուելով հասան օրերս, կրնանք ըսել, թէ Կոմիտասն ալ նոյն առաքելութիւնը իրականացուց երաժշտութեան մէջ: Երգերուն վրայ նօթագրելով մեզի հասցուց հազարամեակներու խորքերէն hասնող հայ ժողովրդական երգերը: Ինքը եղաւ հայ երգի Մեսրոպ Մաշտոցը, որովհետեւ անոր ըրած գործին արժէքը կարելի է չափել միայն Մեսրոպ Մաշտոցով: Մեսրոպ Մաշտոց հայ լեզուին տառերը ստեղծեց, նոյնը Կոմիտասը ըրաւ երաժշտութեան մէջ:

Մենք ալ այս ուղղութեամբ փափաքեցանք Կոմիտասը յիշատակել Թարգմանչաց տօնի շրջագծով: 1 Նոյեմբեր Երեքշաբթի, մեր առաջին միջոցառումը կայացաւ Կոմիտաս Վարդապետի իր ծննդեան 153րդ ամեակի առիթով ոգեկոչման հանդիսութեամբ, որու ընթացքին վարժարանիս Ե. եւ Է. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Կոմիտասի կեանքէն դրուագներ:

Թարգմանչացի միջոցառումները պիտի շարունակուին միջնակարգի սաներու թարգմանութեան աշխատութիւններով, ապա այց մը պիտի տրուի Արաս հրատարակչատան, ուր աշակերտները պիտի բաժնեն իրենց փորձառութիւնները թարգմանութեան աշխատանքի կապակցութեամբ:
Her yıl Ekim ayı geldiğinde Mesrop Maşdots, Sahak Bartev ve öğrencilerinin yaptığı işin önemini anlamak ve hatırlamak adına Tarkmançats etkinliklerimizi planlamaya başlarız.

Harflerin bulunmasının kültürel mirasımız ve kilise değerlerimizin korunarak günümüze ulaşmasını sağlamasından yola çıkarak; müziğin harfleri olan notalarla Ermeni halk şarkılarını derleyen ve günümüze ulaştıran Gomidas’ı "Ermeni müziğinin Mesrop Maşdots’u" olarak düşündük. Çünkü Gomidas ezgileri notaya dökerek binlerce yıllık halk şarkılarının ölümsüzleşmesini sağladı. Bu düşüncemizden yola çıkarak, bu yıl Gomidas’ı da Tarkmançats etkinlikleri kapsamında anmak istedik.

1 Kasım Salı günü gerçekleşen ilk etkinliğimizde, okulumuz 5. ve 7. sınıf öğrencileri, halk ozanımız Gomidas’ı 153. doğum gününde, hayatından kesitler sunarak andılar.