Այցելեցինք Արաս Հրատարակչատունը
Ինչպէս, նախապէս հաղորդած էինք, Թարգմանչաց տօնի շրջագծով, Ե. դասարանի աշակերտներու հետ այցելեցինք Արաս հրատարակչատուն:
Անցեալ շաբաթ, միջնակարգի մեր սաները սկսած էին թարգմանել մանկանց վարժարանի մակարդակին յարմար թրքերէն գիրքեր՝ հայերէնի: Մեր ծրագիրը այն է որ, թարգմանուած սոյն գիրքերը պիտի նուիրուին Մանկանց վարժարանի մեր սաներուն՝ 19 Փետրուար Հովհաննէս Թումանեան գիրք նուիրելու օրուայ առիթով:
Հրատարակչատան մէջ, աշակերտները առիթը ունեցան հաճելի զրոյց մը ունենալու Արաս հրատարակչատան ընդհանուր խմբագրապետ՝ Ռոպէր Քօփթաշի հետ, բացի ատկէ, լայն տեղեկութիւն ստացան հրատարակչատան աշխատաձեւին մասին ու բաժնեցին իրենց թարգմանութեան փորձառութիւնները:
Ռոպէր Քօփթաշ մեր աշակերտներուն համար պատրաստած էր անակնկալ մը, որու միջոցաւ աշակերտները բերանացի կերպով ըրին թրքերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ: Թարգմանութիւնները հետզհետէ կը դժուարանային նոր բառերու կցումով:
Հրատարակչատան բաժինները պտտելով տեսան մօտակային հրատարակուելիք գիրքի մը կազմաւորման փուլերը: Ապա հրատարակչատան մէջ գնեցին իրենց հայերէն դասին մէջ կարդալիք գիրքերը եւ վարժարանիս գրադարանին համար ընտրեցին գիրքեր:
Այս հաճելի օրուայ առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արաս Հրատարակչութեան ընդհանուր խմբագրապետ՝ Ռոպէր Քօփթաշին ու «Արաս»ի աձնակազմին:
Ortaokul 5. Sınıf öğrencilerimiz, “Tarkmançats” etkinlikleri kapsamında Aras Yayıncılık’ı ziyaret ettiler.
Öğrencilerimiz geçtiğimiz hafta gerçekleşen “Kitap Çevirisi” etkinliğinde, 19 Şubat Hovhannes Tumanyan Kitap Hediye Etme Günü anaokulu öğrencilerine hediye etmek üzere Türkçeden Ermeniceye hikâye kitapları çevirmeye başlamışlardı.
Bu ziyaretimizde de hem çeviri deneyimlerini paylaşmak hem de yayınevinin işleyişi hakkında bilgi almak üzere Aras Yayıncılık Genel Yayın Yönetmeni Rober Koptaş ile keyifli bir söyleşi gerçekleştirdiler.
Rober Koptaş’ın öğrencilerimiz için hazırladığı çeviri etkinliğinde, her seferinde yeni kelimeler eklenerek basitten zora doğru genişleyen cümleleri Türkçeden Ermeniceye çevirdiler.
Yayınevinin çalışma alanlarını gezdiler. Kitapların sayfa tasarımının nasıl yapıldığını gördüler ve yakında yayımlanacak olan bir kitabın taslak sayfalarını incelediler. Mağaza bölümünden sınıfça okuma çalışmalarını yapacakları proje kitaplarını ve okul kütüphanemiz için seçtikleri kitapları satın aldılar.
Bu güzel gün için başta Aras Yayıncılık Genel Yayın Yönetmeni Rober Koptaş olmak üzere tüm yayınevi kadrosuna teşekkür ederiz.










