Dikran Efendi Karagözyan’ı Andık
11 Յունուար Երեքշաբթի, Գարակէօզեան ընտանիքը մեկտեղուեցաւ Տիգրան Էֆէնտի Գարակէօզեանի մահուան 126-րդ տարելիցին առթիւ:Վարժարանիս խնամակալութեան ատենապետն ու անդամները, տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը, աշակերտութիւնը եւ մամլոյ ներկայացուցիչները, Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ այցելեցին Գարակէօզեան գերդաստանի շիրիմը, ուր կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն, ձեռամբ՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ Հերկելեանի:
Ապա բոլոր ներկաները ուղղուեցան վարժարան եւ ճաշարանին մէջ միասնաբար ճաշակեցին աւանդական լուբիան:


